2014-12-13 12:31:27

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''Կապրիէլ Ռոսսէի բարեկամներ'' եւ ''Անօճախներու Տիրամայր'' հաստատութիւններուն անդմաներուն հետ հանդիպում։


(Ռ.Վ.13 դեկտեմբեր 2014) Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք ընդունեց Իտալիոյ Վարչապետ Տիար Մաթթէօ Ռենցին ու ապա Պանկլատէշի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Ժորժ Քոքէրրին։
Ժամը 12-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ''Կապրիէլ Ռոսսէի բարեկամներ'' եւ ''Անօճախներու Տիրամայր'' հաստատութիւններու անդամները, հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ` Սրբուհի Լուչիայի տարեդարձին առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալացի աչազուրկներու միութեան'' ազգային խորհուրդի անդամներուն։

Շաբաթ 13 դեկտեմբեր 2014-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու ժողովի կառավարիչը` Կարդինալ Մարք Ուելլէն որմէ ետք ընդունեց Իտալիոյ Վարչապետ Տիար Մաթթէօ Ռենցին ու ապա Պանկլատէշի մօտ առաքելական նուիրակը` գերապայծառ Ժորժ Քոքէրրին։
Ժամը 12-ին Քոնչիսթորօ Սրահին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց ''Կապրիէլ Ռոսսէի բարեկամներ'' եւ ''Անօճախներու Տիրամայր'' հաստատութիւններու անդամները, հուսկ Քլեմենթինա սրահին մէջ` Սրբուհի Լուչիայի տօնին առթիւ ունկնդրութիւն շնորհեց ''Իտալացի աչազուրկներու միութեան'' ազգային խորհուրդի անդամներուն։

''Կապրիէլ Ռոսսէի բարեկամներ'' եւ ''Անօճախներու Տիրամայր'' հաստատութիւններուն անդամներուն ուղղած իր խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ գնահատանք յայտնեց անոնց տածած աշխատանքին, ի սպաս աղքատներուն եւ ընկերութենէն անտեսուածներուն, որոնք ոչ տուն ունին, ոչ ուտելիք եւ ոչ ալ աշխատանք ուստի կորսնցուցած են նաեւ արժանապատուութիւնը։
Սրբազան Հայրը խօսեցաւ ''Gabriel Rosset'' –ի մասին որ եղած է հաստատութեան հիմնադիրը եւ որ ունկնդրած էր աղքատներուն աղաղակը ու վեհանձնութեամբ համապատասխանած էր այդ կոչին։ Կոչ մը որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ չարչարուած Քրիստոսի կոչը։ Աղքատը, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, Տիրոջ ընտրեալն է եւ Աւետարանի կեդրոնը։
''Շնորհակալ եմ ձեր ողորմութեան ի սպաս տուած վկայութեան որ կը կատարէք պարզութեամբ եւ ջերմութեամբ թեթեւցնելով մարդոց թշուառութիւնները ու անոնց ներշնչելով նոր յոյս մը եւ նոր արժանապատուութիւն։ Ասկէ աւելի գեղեցիկ միջոց չկայ աւետարանը քարոզելու աշխարհին'' յայտնեց Սրբազան Հայրը ու հրաւիրեց ներկաները իրենց հայեացքը ղողելու Աստուածամօր, հաստատ մնալով իրենց հաւատքին մէջ։
Աստուածամօր սիրտը լի է ողորմածութեամբ եւ գթութեամբ հանդէպ բոլոր մարդոց ու յատկապէս աղքատներուն եւ չքաւորներուն, ու անոր Մայրական քնքշութիւնն է որ, Եկեղեցւոյ քնքշութեան հետ միասին, ձեր միջոցաւ կը յայտնուի - ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր ճառին աւարտին ու
''Անօճախներու Տիրամօրմէն'' խնդրեց որ զանոնք պահպանէ ուղեւորութեան ընթացքին ու պտղաբեր դարձնէ անոնց յանձնառումը բոլոր իրենց հանդիպած մարդոց յոյս եւ հաւատք ներշնչելու ։








All the contents on this site are copyrighted ©.